ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Է. դասարանի աշակերտները, ներշնչուած Պարոյր Սեւակի «Հայաստան» բանաստեղծութենէն, բանաւոր ներկայացումներ պատրաստեցին Հայաստանի տեսարժան վայրերուն, մշակութային կոթողներուն եւ հայկական աւանդութիւններուն մասին։ Քանի մը օրերու ընթացքին անոնք մտովի ճամբորդեցին Հայաստանի տարբեր մարզերը՝ բացայայտելով հայրենիքի պատմական ու մշակութային գանձերը։ Տեսան, լսեցին, ուսումնասիրեցին ու խօսեցան իրենց ընտրած վայրերուն եւ աւանդութիւններուն մասին՝ հարստացնելով իրենց գիտելիքները եւ աւելի մօտէն ճանչնալով Հայաստանի մշակութային բազմերանգ ժառանգութիւնը։ Այս աշխատանքը անոնց համար դարձաւ ոչ միայն գիտելիքներու փոխանակման, այլեւ հայրենիքի հանդէպ սէրն ու հպարտութիւնը արտայայտելու գեղեցիկ առիթ մը։