«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ

Հինգշաբթի, 16 Յուլիս 2020-ին, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինի ներկայացուցիչները, որոնք փոխանցեցին Հիմնադրամի կողմէ Ճեմարանի յատկացուած գումարը։

Լիբանանահայ վարժարաններու զօրակցութեան ծիրէն ներս, 2019-ի Դեկտեմբերին իր տրամադրած 150.000 ամ. տոլարի նուիրատուութենէն ետք, հիմնադրամը անգամ մը եւս 55.000 ամ. տոլար յատկացուց վարժարաններուն:

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Հիմնադրամին՝ Լիբանանի տնտեսական դժուարութիւններուն ընթացքին իր աջակցութեան համար: