Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Հայաստանի Աշխարհագրութեան դասապահուն անակնկալօրէն Ե. դասարան այցելեցին Գիւմրիէն ժամանած Ճեմարանաւարտ եւ առաջին խաչքարագործ հայուհի Նարինէ Փօլատեանն ու իր ամուսինը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հասարակական խորհուրդի անդամ Ժորա Աբգարեանը:
Նարինէն աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին պատմեց, թէ ի՛նչպէս որոշեց երթալ Հայաստան եւ հոն շատ պատահաբար ծանօթանալով խաչքարագործութեան արուեստին, որոշեց սորվիլ զայն եւ մնալ Հայաստան, ուր հանդիպեցաւ նաեւ իր կեանքի ընկերոջ՝ Ժորա Աբգարեանին, որ կոչումով զինուորական է: Ապա տեսերիզներու եւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ Նարինէն աշակերտներուն բացատրեց խաչքարագործութեան տարբեր հանգրուանները, ներկայացնելով հայկական լեռնաշխարհի տարբեր քարերը, իր օգտագործած գործիքները եւ աշխատանքի տարբեր հանգրուանները: Աշակերտներէն շատերը մեծ փափաք յայտնեցին Նարինէէն սորվիլ այս գեղեցիկ արուեստին գաղտնիքները:
Մտերմիկ զրոյցին ընթացքին աշակերտները իմանալով, որ Նարինէին ամուսինը զինուորական է, անոր ալ ուղղեցին հարցումներ Արցախի մասին: Պրն. Ժորան աշակերտներուն տրամադրութիւնները բարձրացնելու նպատակով անոնց պատմեց եւ բացատրեց Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութեան պատմութիւնը անոնց յիշեցնելով, որ կամքով, իմաստութեամբ եւ հնարամտութեամբ կարելի պիտի ըլլայ վերստին ազատագրել մեր հայրենի հողերը:
Դասապահու աւարտին աշակերտները ջերմօրէն շրջապատեցին հիւրերը եւ խոստացան Հայաստան այցելելու պարագային անպայման այցելել Գիւմրի եւ հիւրը դառնալ Նարինէին արուեստանոցին: