Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, առաջին զբօսանքի աւարտին, Ճեմարանի աշակերտները նշեցին Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման 31-ամեակը։
Օրուան պատգամը փոխանցեց աւարտական դասարանէն Ճորճ Տէմիրճեան։ Ան նախ բարի վերամուտ մաղթեց նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն, ապա պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Հայաստանի առաջին եւ երկրորդ անկախ հանրապետութիւններու կերտման հանգրուանները, շեշտելով անկախութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Սիրելի ընկերներ, մենք իբրեւ անկախութիւն կերտող սերունդներու ժառանգորդ երիտասարդներ պարտաւոր ենք պահելու այդ անկախութիւնը, սորվելով մեր հայրենիքի պատմութիւնը եւ ներկան, որպէսզի շարունակենք պայքարը յանուն ամբողջական Հայաստանի անկախացման»:
Հայաստանի քայլերգը ունկնդրելէ ետք, աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները:
