Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան, Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի զօրակցական հաւաք, ներկայութեամբ միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին:
Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Ճեմարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան նախ բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին, ապա անդրադառնալով ձեռնարկի նպատակին, ըսաւ. «Ամէն տարի Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը ներքին կամ արտաքին ձեռնարկներով եւ այլազան նախաձեռնութիւններով կը նշէ ազգային տօները եւ անպայման կ’անդրադառնայ ազգային առօրեայ իրադարձութիւններուն: Այս առաջին հաւաքը Հայաստանի եւ յատկապէս հայ զինուորին նուիրուած զօրակցական հաւաք է»: Մատնանշելով 12 Սեպտեմբերէն ի վեր Հայաստանի սահմանային շրջաններուն պատերազմական իրավիճակը, ան աւելցուց. «Մենք պարտաւոր ենք լաւատեղեակ ըլլալու մեր հայրենիքի ներկայ ճգնաժամային իրադարձութիւններուն եւ մեր կարգին առաջնահերթ դասելու Հայաստանի անկախութիւնն ու հայ ինքնութիւնը»: Իր խօսքի աւարտին Փաուլա Եղիայեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած զինուորներուն ու հայրենակիցներուն յիշատակը: Ապա բեմ հրաւիրեց «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանը ներկայացնելու Հայաստանի ներկայ կացութեան մանրամասնութիւնները:
Վիգէն Աւագեան նախ անդրադառնալով Սեպտեմբեր 21-ի Հայաստանի վերանկախացման տօնին, պատմական ակնարկով մը ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը, ապա՝ խորհրդայնացումը, մինչեւ անկախութեան պահանջի համար 1988-ի արցախեան շարժումը, վերջապէս՝ Հայաստանի վերանկախացումը: Շեշտելէ ետք անկախութեան կարեւորութիւնը, ան բացատրեց որ Հայաստան վերջին տարիներուն ապրեցաւ երկու մեծ ցնցումներ՝ 2018-ի քաղաքական ցնցումը եւ այնուհետեւ Հայաստանի վարչակարգին վարած սխալ քաղաքականութիւնը, ապա՝ 2020-ի Արցախի 44-օրեայ պատերազմը, հասնելով մինչեւ նոյեմբերեան համաձայնագիրը, որուն գլխաւոր կէտերը բացատրեց շեշտելով, թէ ինչո՛ւ վերջերս ազերիները պահանջեցին Բերձորի տարածքը: Վերջապէս ան երկաթէ շերեփին օրինակը մէջբերելով, յիշեց ճեմարանական նահատակ Վիգէն Զաքարեանի հայրենասիրական գրութիւնները Կանթեղին ու Ջահակիրին մէջ եւ թելադրեց աշխատիլ Վիգէնի օրինակով՝ հայրենասիրութեամբ, իրականացնելու համար դրական փոփոխութիւն մը հայոց մերօրեայ պատմութեան մէջ:
Տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցած Ազրպէյճանի յարձակումներուն դէմ բողոքի եւ Հայաստանին զօրակցական ցոյցերու տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, ձեռնարկը փակուեցաւ «Ելէք հայեր պայքարի» երգով:
