ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 30-ԱՄԵԱԿ

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018-ին, ժամը 11։30-ին, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները նշեցին Հայաստանի երկրաշարժին 30-ամեակը։

Աւարտական դասարանէն խօսք առաւ Քրիսթել Աճէմեան եւ 1988-ի երկրաշարժին մասին պատմական ակնարկ մը կատարեց եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Այսօր, 30 տարի ետք, այս աղէտը կընշենք ոչ իբրեւ ողբերգութիւն, այլ՝ իբրեւ գոյատեւում։ Հայ ազգի ոգին չկտրուեցաւ, կ’ըսեն՝ «միութիւնը զօրութիւն է», եւ այս միութիւնն է, որ մեզի ուժ տուաւ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները»։

Աշակերտները լսեցին Արամէի «Մեր Գիւմրի» երգը, ապա բարձրացան իրենց դասարանները։