ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 22 Մայիս 2014-ին, Գէորգ Յակոբճեան նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը նկարներու եւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, ապա տեղի ունեցաւ զրոյց: Գէորգ Յակոբճեան աւարտած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, ապա յաճախած է իրաւագիտութեան համալսարանը եւ տիրացած է միջազգային օրէնքի մաքիստրոսի աստիճանին Լոնտոնի համալսարանէն: Ան հետեւած է տարբեր-տարբեր դասընթացքներու: Յօդուածներ կը գրէ Ազդակի, Գանձասարի, Շաւիղի, Մարզիկի եւ շարք մը երիտասարդական պարբերաթերթերու մէջ: