Չորեքշաբթի, 24 Մայիս, 2023-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը վերջին պահերուն ընթացքին:
Բացման խօսքը կատարեց Թ. դասարանէն Սելին Գիլէճեան: Ան շեշտեց, որ Մայիս 28-ը պէտք չէ յիշել միայն մեր երախտագիտութեան պարտքը վճարելու համար անվեհեր հերոսներուն, այլեւ անոնց զոհողութիւնը արժեւորելու եւ ապագայ սերունդներուն ներշնչելու պայքարի աննկուն կամքը՝ յանուն Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման ու բարգաւաճման եւ Հայ Դատի հետապնդումին:
Յայտագիրը ներկայացուց Կայէլ Ատուրեան:
Առաջին հերթին, Վայք Գարայեան եւ Հայկ Ժերդիտեան ասմունքեցին Յարութիւն Գեղարդէն «Արիւն եւ Արեւ» բանաստեղծութիւնը: Ապա Այգ Գէորգեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Առնօ Պապաջանեանէն «Էլեկիա» երաշժտութիւնը: Անկէ ետք, Է. դասարանի աշակերտները երգեցին Պարոյր Սեւակէն «Սարդարապատ» Քայլերգը, որուն յաջորդեց՝ Արմէն Մխճեանի նուագը, որ իր թաւջութակով ապրեցուց Կոմիտասի «Շողեր Ջան» երաժշտութիւնը: Յետոյ Լոռիթա Սրուրեան, Սթեֆանի Տիսչէքենեան եւ Մարի Ժոզէ Ժրէյժ ասմունքեցին Ժագ Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութիւնը: Վերջապէս Ը. եւ Թ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ պարեցին Արա Գէորգեանի «Շուշի-Յաղթանակ» երաժշտութեան վրայ:
Օրուան պատգամախօսն էր Վերա Ջուլհաճեան-Եագուպեան, որուն հետ աշակերտները ունեցան փոխներգործօն հանդիպում Հայաստանի Անկախութեան մասին: Դասախօսութիւն-զրոյցը սկսաւ հարցադրումով մը, որուն շնորհիւ բացայայտուեցաւ, թէ ինչո՛ւ կը նշենք Մայիս 28: Ան ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նախորդող իրավիճակը եւ անդրադարձաւ այդ օրերուն ընթացքին ստեղծուած պայմաններուն: Ան նշեց նաեւ, թէ ի՛նչ դժուարութիւններէ անցած են հայերը օսմանեան տիրապետութեան տակ, մինչեւ որ հասած են անկախութեան:
Ան նշեց սխրանքները Արամ Մանուկեանի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի, Լեւոն Շանթի եւ անկախութիւն կերտած բոլոր հերոսներուն, որոնց շնորհիւ այսօր ունինք անկախ հայրենիք: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ եթէ Արամ Մանուկեանի նման հաւատանք, որ պիտի յաղթենք, կը յաղթենք:
Ձեռնարկը փակուեցաւ շարք մը հայրենասիրական երգերով:
Մարգրիտ Ղազարեան
Մէյրի Թահմիզեան
