ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։

Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց քոյր Արզնի Արսլանեան։ Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան, որ նախ անդրադառնալով Ճեմարանի մէջ աւանդութիւն դարձած դրօշակի արարողութեան՝ բացատրեց կարեւորութիւնը այս նախաձեռնութեան: Ան ըսաւ, որ 99 տարի առաջ, 28 Մայիս 1918-ին, մերժելով օտարի լուծը, մէկ շաբթուան բուռն պայքարէ մը ետք, 28 Մայիս 1918-ին, կերտուեցաւ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութիւնը: Ապա շարունակելով ըսաւ, որ Ճեմարանի մեծ ընտանիքը առաւել հպարտութեամբ կը նշէ պատմական այս տօնը, որովհետեւ նախ՝ 1918-ի հանրապետութիւն կերտողներէն եղած են Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը՝ Ճեմարանի հիմնադիրները, երկրորդ՝ 1952-էն 1968 Ճեմարանի տնօրէնը եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վարչապետ Սիմոն Վրացեանը: Փաուլա Եղիայեան իր խօսքը աւարտեց շեշտելով աշխատանքի կարեւորութիւնը յանուն ազգային նպատակներու իրագործման:

Ճեմարանի ընտանիքը Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակեց «Սարդարապատ» յաղթերգով։