Չորեքշաբթի, 27 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով։ Այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիաս մասնաճիւղէն ներկայացան երկու Ճեմարանի շրջանաւարտ խմբապետներ՝ Բարտի Արսլանեան եւ Արի Աւետիս: Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի եւ խմբապետութեան խօսքը ընթերցեց Բարտի Արսլանեան։
Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ շեշտեց 28 Մայիսի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ ըսաւ, որ ճեմարանականներուն համար աւելի եւս հպարտառիթ օր է անկախութեան այս տօնը, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը կերտող մեծ դէմքեր 28 Մայիս 1928-ին սփիւռքի մէջ հիմնեցին Համազգայինը, ապա 1930-ին՝ Ճեմարանը: Ան նշեց, որ Ճեմարանի տնօրէններ Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը եւ Սիմոն Վրացեանը այդ դէմքերէն էին: Անոնք կերտեցին Հայաստանէն դուրս Հայաստան մը՝ Ճեմարանը, որպէսզի հայը շարունակէ գոյատեւել սփիւռքի մէջ, պահել ազգային արժէքները, ու մանաւանդ՝ բարձր պահել եռագոյնը: Տնօրէնուհին իր խօսքը աւարտեց անոնց առաքելութիւնը եւ ուղին շարունակելու յանձնառութեան կոչով:
Ճեմարանի ընտանիքը Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակեց «Սարդարապատ» յաղթերգով: Ապա տարրական, նախակրթարան, միջնակարգ բաժիններու եւ Ժ. դասարանի աշակերտները քայլարշաւով ուղղուեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, Հայաստանի անկախութեան տօնը նշելու մարզական խաղերով ու մրցումներով:
