Հինգշաբթի, 29 Մայիս 2025-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի եւ խմբապետութեան խօսքը ընթերցեց ճեմարանի շրջանաւարտ քոյր Նարօտ Մերտխանեան։
Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան. ան ըսաւ, որ տարուան ընթացքին ճեմարանականներուն նշած տօներէն ամէնէն հպարտառիթ օրն է 28 Մայիսի անկախութեան տօնը, որովհետեւ մենք անկախ հայրենիք ունեցանք Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի վերջ, իսկ քանի մը տարի ետք, 1928-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը կերտող մեծ դէմքերուն կողմէ դարձեալ 28 Մայիսին հիմնուեցաւ Համազգայինը, ապա նաեւ՝ Ճեմարանը: Ան նշեց, որ հայրենիքի այսօրուան դժուար մարտահրաւէրներու օրերուն, պէտք է յիշել նոյնքան եւ աւելի դաժան պայմաններու մէջ Համազգային ու Ճեմարան հիմնած Համօ Օհանջանեանը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Սիմոն Վրացեանը եւ շարունակել անոնց ուղին:
Ճեմարանի ընտանիքը Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակեց «Սարդարապատ» յաղթերգով։
