ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց ճեմարանի շրջանաւարտ քոյր Արին Կիւլլիւճեան։

Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի վարչական պատասխանատու Դաւիթ Գազանճեան. ան ըսաւ, որ մենք  կրկնակի պէտք է գիտնանք Մայիս 28-ի արժէքը, որովհետեւ Ճեմարանը կը պատկանի համազգայինի մեծ ընտանիքին, եւ Համազգայինի ու Ճեմարանի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը 1918-ի հանրապետութիւն կերտողներէն եղած են: Հետեւաբար այսօրուան մարտահրաւէրներուն դիմաց անկախութեան տօնը աւելի պարտաւորեցնող է ճեմարանականներուն շարունակելու համար պայքարը յանուն ազատ, անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումին:

Ճեմարանի ընտանիքը Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակեց «Սարդարապատ» յաղթերգով։