ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց ճեմարանի շրջանաւարտ քոյր Սինթիա Պայրաքտարեան։

Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան. ան շեշտեց, որ ճեմարանականները առաւել հպարտութեամբ  կը նշեն 28 Մայիսի անկախութեան տօնը, որովհետեւ Ճեմարանը կը պատկանի համազգայինի մեծ ընտանիքին, եւ Համազգայինը նոյնպէս հիմնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը կերտող մեծ դէմքերուն կողմէ: Ճեմարանականը անոնց ուժը ժառանգելով հպարտութեամբ պիտի շարունակէ անոնց ազգանուէր գործը, հասնելու համար նորանոր յաղթանակներու Հայաստանի ու Արցախի մէջ:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած հաւաքը  փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով։