ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։

Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց քոյր Արին Կիւլլիւճեան։ Ան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն եօթը ամիս ետք, ծնունդ առաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, նպատակ ունենալով համախմբել ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած պատանիներն ու երիտասարդները եւ անոնց ջամբել ազգային առողջ դաստիարակութիւն, անոնցմէ պատրաստելու համար մեր ժողովուրդին «կամաւոր բանակը»: Ապա շարունակեց ըսելով, որ այսպէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ծնունդ առին եւ մեծցան միասնաբար: Անոնք բաժնեկցեցան ազգային, գաղափարական միեւնոյն արժէքները, որոնք մեր ժողովուրդի դարաւոր անցեալէն կու գային եւ դէպի լուսաւոր ապագայ կ’երթային: Ան խօսքը աւարտեց շնորհաւորելով լիբանանահայ բոլոր վարժարաններու աշակերտները, մաղթելով որ 104 տարի առաջ սկսուած կիսատ չմնայ, այլ յարատեւէ, ընդլայնի եւ զարգանայ: Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի վարչական պատասխանատու Դաւիթ Գազանճեան. ան ըսաւ, որ մենք  կրկնակի պէտք է գիտնանք Մայիս 28-ի արժէքը, որովհետեւ Ճեմարանը կը պատկանի համազգայինի մեծ ընտանիքին, եւ Համազգայինը նոյնպէս հիմնուած է  28 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն տասը տարի վերջ: 1918-ի հանրապետութիւն կերտողներէն եղած են  Ճեմարանի հիմնադիրներ Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, իսկ 1952-էն 1968 Ճեմարանի տնօրէնը եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վարչապետ Սիմոն Վրացեանը: Հետեւաբար անկախութեան տօնը աւելի պարտաւորեցնող է՝ Մայիս 28-ի յաղթական ոգիով շարունակելու երթը մինչեւ ազատ, անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումը:

Ճեմարանի ընտանիքը Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակեց «Սարդարապատ» յաղթերգով։