Կազմակերպութեամբ Ժ. դասարանի աշակերտներուն, Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2019-ին, Ը. Թ. եւ Ժ. դասարաններու աշակերտները նշեցին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Ժ. դասարանէն Էտուար Թաշճեան ընթերցեց բացման խօսքը, ան ըսաւ. «Ա. հանրապետութեան շնորհիւ հայ մարդուն մէջ փիւնիկի մը նման վերածնաւ ազգային ինքնագիտակցութիւնը. ան եղաւ հայկական պետական մտածողութեան եւ հայապահպանման սկիզբը։ Մայիս 28-ը հայուն տուաւ հնարաւորութիւն գոյատեւելու, մեծնալու, ապրելու, գործելու սեփական հողին վրայ կամ սեփական հողին համար…»։
Բացման խօսքէն ետք, Ը. դասարան էն Գալին Գիլէճեան եւ Ժորժ Տէմիրճեան ասմունքեցին Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն, ապա է. դասարանէն Գարլօ Ահարոնեան երգեց «Արծիւ սլացիր», որմէ ետք խումբ մը աղջիկներ պարեցին «Ուզունտարա»։
Օրուան պատգամը փոխանցեց Ճեմարանի շրջանաւարտ Քրիստ Բրուտեան, որ պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտման ուղիին, սկսելով Հայաստանի եւ սահմանակից երկիրներու վիճակէն, ապա երեք ճակատամարտերու կարեւորութիւնը շեշտելով հասաւ անկախութեան եւ շարունակեց մինչեւ Սեւրի դաշնագիր։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Սարդարապատի քայլերգով։