ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Մանկապարտէզի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան օրը: Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն` մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիաս մասնաճիւղէն քոյր Արզնի Արսլանեանի եւ եղբայր Քրիստ Բրուտեանի: Փոքրիկները, որոնցմէ շատերը դպրոց եկած էին սկաուտական տարազով, երգեցին փունջ մը հայրենասիրական երգեր: