ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 30 Մայիս 2018-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի։

Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը ընթերցեց եղբայր Հրակ Մեսրոպեան։ Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ նախ անդրադառնալով Ճեմարանի մէջ աւանդութիւն դարձած դրօշակի արարողութեան՝ բացատրեց կարեւորութիւնը այս նախաձեռնութեան: Ան ըսաւ, որ կրթական տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան բազմաթիւ տօներ կը նշուին, սակայն ա՛յս տօնը կը յատկանշուի անով, որ Հայաստանը դուրս եկաւ երկար տարիներու օտարին լուծէն եւ ունեցաւ իր անկախ պետականութիւնը: Ապա շարունակելով ըսաւ. «Թէեւ մշակոյթի օրուան ընթացքին նշեցինք Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակը եւ Համազգայինի 90-ամեակը, սակայն այսօր այս արարողութեամբ անգամ մը եւս վեր կը բարձրացնենք եռագոյնը, որովհետեւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքը առաւել հպարտութեամբ կը նշէ պատմական այս տօնը, մենք մեր հիմնադիրներով կը տարբերինք հայկական բոլոր դպրոցներէն եւ հաստատութիւններէն. 1918-ի հանրապետութիւն կերտողներէն եղած են Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, իսկ 1952-էն 1968 Ճեմարանի տնօրէնը եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վարչապետ Սիմոն Վրացեանը»: Փաուլա Եղիայեան իր խօսքը աւարտեց աշակերտներուն թելադրելով ըլլալ արժանի ժառանգորդները Շանթի եւ Աղբալեանի եւ տէր կագնիլ հայերէն լեզուին, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին:

Ճեմարանի ընտանիքը Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակեց «Սարդարապատ» յաղթերգով։