ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2015-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, պարման-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը ծածանեցաւ դպրոցին վերեւ։ Արարողութենէն ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց քոյր Կարին Կէօքճեան։ Ան բացատրեց Մայիս 28-ի ոգին եւ անդրադարձաւ յանուն անկախութեան մղուած ճակատամարտերուն։ Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ խօսեցաւ ցեղասպանութենէն երեք տարի վերջ՝1918, Մայիս 28-ին կերտուած անկախութեան եւ պահանջատիրութեան կարեւորութեան մասին: Ան ըսաւ, որ առանց հայրենիքի ազգ մը չի կրնար գոյատեւել եւ յորդորեց աշակերտներուն ամուր պահել հաւատքը երկրորդ Մայիս 28-ի մը համար՝ վերատիրանալու պատմական ամբողջական Հայաստանին: Ճեմարանի ընտանիքը Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակեց Հայաստանի քայլերգով։