ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2013-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, պարման-պարմանուհի։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը ծածանեցաւ դպրոցին վերեւ։ Արարողութենէն ետք խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ անդրադարձաւ ազատ ու անկախ ազգ մը ըլլալու կողքին ազատութեան արժէքը գիտնալու կարեւորութեան։ Ան յորդորեց աշակերտներուն տէր կանգնիլ սփիւռքի մէջ գտնուող «փոքրիկ Հայաստանին»՝Ճեմարանին, փայլուն եւ ուշիմ ըլլալով դպրոցին մէջ, ըլլալով միաժամանակ լաւ աշակերտ, լաւ մարզիկ, լաւ սկաուտ… եւ այսպէս լաւագոյնին ձգտելով՝ պահպանել նաեւ անկախ հայրենիքը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց քոյր Փաթիլ Եսայեան։ Ան անդրարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան՝ շեշտելով անկախութեան կերտումին ու հայապահպանութեան մէջ անոր ունեցած դերը։ Ճեմարանի ընտանիքը Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը փակեց «Սարդարապատ» երգով։