ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 24 Մայիս 2012-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով՝ գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, պարման-պարմանուհի։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խմբապետական կազմէն ներկայ էին եղբայր Անդօ Պոյաճեան եւ քոյր Մենար Պոյաճեան։ Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն,Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը ծածանեցաւ դպրոցին վերեւ։ Արարողութենէն ետք խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ բացատրեց անկախութեան կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, որ առանց անկախ հայրենիքի, սփիւռքահայերս կը նմանինք արմատ չունեցող ծառի մը, հետեւաբար մենք կրկնակի պէտք է գիտնանք անկախութեան արժէքը։ Ան տարազաւոր աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Դուք անկախ Հայաստանի պատանի բանակին մաս կը կազմէք »։ Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ մենք միշտ պէտք է տէրը ըլլանք մեր հայրենիքի անկախութեան եւ ամէն տարի ամբողջական Հայաստանի տեսլականով նշենք անկախութեան տարեդարձը։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հայաստանի քայլերգով։