ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ

Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտները կը շարունակեն ազգային եւ մշակութային տօներն ու յատկանշական իրադարձութիւնները նշելու իրենց յանձնառութիւնը:

Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2018-ի  առաւօտեան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բակ, ուր ԺԲ. դասարանէն Նարեկ Մեսրոպեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ. «10 օրէ արդէն մենք՝ աւարտական դասարանի աշակերտներս, սկսած ենք Ճեմարանէն ներս մեր վերջին տարեշրջանին։ Այսօր դուք եւս կը միանաք մեզի եւ վստահ ենք, որ միասնաբար, Ճեմարանի յատուկ ընկերական մթնոլորտով եւ յաջողութիւններով պիտի բոլորենք այս տարեշրջանը եւս։ 9-րդ դասարանի եւ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն յաջողութիւն կը մաղթենք պրէօվէի եւ ֆրանսական պաքալօրէայի իրենց ներկայացնելիք աշխատանքներուն եւ քննութիւններուն մէջ։ Երբ որ օգնութեան կարիքը զգաք, գիտէք որ միշտ կրնաք դիմել մեզի։ Թէեւ մենք ալ պաքալօրէայի կը պատրաստուինք, բայց միշտ պատրաստ ենք մեր փորձառութիւնը բաժնելու ձեզի հետ»։ Ապա անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան տօնին, ան ըսաւ. «Ուրբաթ օր համայն հայութիւնը նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնը։ 21 Սեպտեբեր 1991-ի անկախութիւնը ձեռք բերուած է հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքով, միասնակամութեամբ, վճռականութեամբ եւ պայքարով։ Նոյն այս յատկութիւններով պիտի շարունակենք կրթական մեր ուղին, պիտի յաջողինք, բարձրագոյն ուսումի տիրանանք, որպէսզի հետագային ինչպէս մեր դպրոցի հիմնադիրները, մենք նոյնպէս մեր ներդրումը ունենանք անկախ Հայաստանի բարգաւաճման մէջ»։

Նարեկ Մեսրոպեան աւարտական դասարանի աշակերտներուն կողմէ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, Հայաստանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները: