ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ

Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2026-ին, Լսարանական Միութեան  առաջին հաւաքը սկսաւ Հայաստանի անկախութեան նշումով: Աւարտական դասարանէն խօսք առաւ Մեղրի Գասապեան եւ ըսաւ. «…Մենք՝ ըլլալով աշակերտները Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի տեսլականով հիմնուած Հա՛յ Ճեմարանին, շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն մը կը կրենք, պահպանելու համար մեր անկախութիւնն ու ինքնութիւնը:

Ի՞նչ կրնանք ընել մենք այսօր: Եթէ հայրենասիրութիւնը բաւարար չէ, մենք պէ՛տք է անցնինք նաեւ հայրենատիրութեան, որուն համար շա՛տ կարեւոր է հայրենաճանաչումը: Անցնինք մեր հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասագիրքերէն անդին, այցելենք մեր հայրենիքը ո՛չ միայն երեւանեան ճոխ եւ ուրախ օրեր վայելելու համար, այլեւ երթանք աւելի հեռուն: Ուսումնասիրենք մեր հայրենիքին ամէն մէկ անկիւնը, գիւղն ու քաղաքը, լեռն ու ձորը, գետն ու լիճը, նոյնիսկ քա՛րն ու ջուրը: 

Այս իմաստով, մենք երախտապարտ ենք մեր տնօրէնութեան, որ անցեալ տարի նախաձեռնեց «հայաստանագնացութիւն» ծրագիրին, որ պիտի շարունակուի յետ այսու, ամէն տարի առիթ ընծայելով մեր ընկերներուն աւելի լա՛ւ ճանչնալու մեր հայրենիքը:

Այսպէ՛ս կը սկսի հայրենատիրութիւնը. լա՛ւ ճանչնալով մեր հայրենիքը, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուինք, մեր կարելիութեան բոլոր միջոցներով տէր պիտի կանգնինք ազգային մեր սկզբունքներուն, մեր լեզուին, մեր պատմութեան, մեր մշակոյթին, մեր գլխագիր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ»:

Հայաստանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք,  հաւաքը շարունակուեցաւ Լսարանական Միութեան գործունէութեան եւ աշխատանքներուն մասին բացատրողականով մը, ողջունելով միութեան նոր անդամները՝ Ժ. դասարանի աշակերտները: