ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Մ. Եւ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 12 Ապրիլ 2010ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ Լիբանան այցելող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան արուեստի վարչութեան պետ Սօնա Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի մշակութային հարցերու պատասխանատու Արմինէ Անտիկեան, արուեստի վաստակաւոր գործիչ, թատերագէտ եւ բեմադրիչ՝ Երուանդ Ղազանչեան, գեղանկարիչներ Արմէն Գէորգեան, Մարինա Տիլանեան եւ Թենի Վարդանեան, ինչպէս նաեւ՝ արուեստագէտ Կամօ Սէյրանեան: Հայրենի հիւրերը տնօրէնութեան հետ հանդիպումին ընթացքին ծանօթացան Ճեմարանի 80 ամեայ պատմութեան եւ այցելեցին դպրոցին զանազան բաժինները: Անոնք հիացան գրադարանի հաւաքածոյին վրայ եւ հաստատեցին անոր իւրայատկութիւնը իբրեւ դպրոցային գրադարան, որ իր նմանը չունի ոչ միայն սփիւռքի տարածքին, այլեւ՝ ամբողջ Հայաստանի: