Հինգշաբթի, 29 Մայիս 2025-ին, վերջին պահուն տեղի ունեցաւ միջնակարգի աշակերտներուն Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը: Ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին երկրորդականի Ժ. դասարանի, նախակրթարանի եւ տարրականի երրորդ դասարանի աշակերտները, հրաւիրուած էին նաեւ միջնակարգ բաժինի ծնողները:
Ձեռնարկը բացուեցաւ Հայաստանի քայլերգով, ապա Ժ. դասարանէն Մարտիկեան Մարտիկ ընթերցեց ձեռնարկին բացման խօսքը, զոր աւարտեց ըսելով. «Մեր պետականութեան իւրաքանչիւր քար շաղախուած է հայ զինուորի արեամբ։ Սարդարապատը մեր նո՛ր Աւարայրն է, մեր յաղթանակի՛ բանալին, որուն ընթացքը յաւե՛րժ է, ինչպէս հա՛յն ու Հայաստանը։ Հայ զինուորը երեք գոյամարտերուն ցուցաբերած յաղթանակով պարտադրեց ճանչնալ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը։ Կեցցէ՛ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը»։ Ապա բեմ բարձրացան նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները եւ արտասանեցին Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը: Յետոյ միջնակարգի աշակերտները հրամցուցին թատրերգութիւն մը՝ «Մայիսեան յաղթանակներ» խորագիրով: Այս թատրերգութիւնը ներկայացուց Մայիսեան հերոսամարտերուն պատմութիւնը՝ երաժշտութեամբ, պարով ու ասմունքով եւ աշակերտներուն փոխանցեց Արամ Մանուկեանի հաւատքն ու կամքը, ուխտելով հաւատարիմ մնալ նախնեաց կտակին, հայրենիքին, ազատութեան, անկախութեան եւ եռագոյն դրօշին:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
