ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ու կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2013-ի կէսօրին, պարգեւատրումը կատարուեցաւ նախարարութեան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի նախաձեռնած մանկապատանեկան մրցումի մրցանակակիր աշակերտներուն: Լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ, ծնողներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ համախմբուած էին դեսպանատան մէջ, ուր Հայաստանի մասին յատուկ տեսերիզ մը դիտելէ ետք, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` այս հանդիպումը «շատ լաւ առիթ» նկատելով` շնորհաւորելու լիբանանահայ մրցանակակիր աշակերտները, տնօրէնները, ուսուցիչներն ու ծնողները: «Ամէն օր կ՛աւելնան Հայաստանի հետ գործակցութեան առիթները, եւ յուսամ կը շարունակուի»,- յայտնեց դեսպան Քոչարեան` շեշտելով. «Ձեր լեզուն չմոռնաք երբեք, միշտ հայերէն խօսեցէք, հայրենիքը բարձր կը գնահատէ ձեր արժանիքները եւ միշտ ձեր կողքին է` նպաստելու ձեր յաջողութեան»: Ապա դեսպան Քոչարեան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի անունով յուշանուէրներ յանձնեց մրցանակակիր հետեւեալ աշակերտներուն. Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Մէյրի Գրիգորեան, Միրէյ Սալորեան, Մարգարիտա Միքայէլեան եւ Լիլա Մաքտեսեան: Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց այս ձեռնարկը` նշելով, որ վերջին տարիներուն մնայուն կապեր հաստատուած են Հայաստանի կրթութեան թէ սփիւռքի նախարարութեանց եւ արտասահմանեան կրթական խորհուրդներու միջեւ, «իսկ այս մրցումը վերջին 2-3 տարիներուն սկսաւ»: «Ասոնք կը նպաստեն, որ մեր դպրոցներուն մէջ ստեղծենք փոքր հայաստաններ: Առանց Հայաստանի գիտութեան, ուսման կեդրոններուն, կարելիութիւն չկայ մեր աշակերտներուն մօտ հայրենիքի մտապատկերը դրոշմելու», ընդգծեց Տիգրան Ճինպաշեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի դեսպանատան եւ կրթութեան նախարարութեան Արուեստի կեդրոնին: Խօսք առին նաեւ կարգ մը վարժարաններու տնօրէններ եւ գծագրութեան ուսուցիչներ` իրենց կարգին յաջողութիւն մաղթելով բոլորին: Իր փակման խօսքով Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան շնորհաւորեց մրցանակակիր աշակերտները` վերահաստատելով. «Հայաստան միշտ ձեր կողքին է, շարունակեցէ՛ք ձեր ստեղծագործ աշխատանքը»: