ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄ

Մայիս ամսուան աւարտին, միջնակարգի Է., Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն համար տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ համակարգիչի օգտագործման մասին։ Յակոբ Հանտեան անդրադառնալէ ետք համակարգիչի պատմութեան եւ անոր զարգացման հոլովոյթին, աշակերտներուն փոխանցեց անոր օգտագործման դրական եւ ժխտական հետեւանքները, թէ ի´նչպէս կարելի է օգտուիլ այսօր բոլորին մատչելի դարձած համակարգիչէն՝ առանց անոր գերին դառնալու։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս օգտաշատ դասախօսութեան։