ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՌԱՖՖԻ ԵՒ ԱՆԵԼԿԱ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԸ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՔԱՌԱԼԵԶՈՒ ԿԱՅՔԷՋԸ՝ www.arslaniannursery.com

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրի առօրեայ աշխատանքներուն մասին տեղեկանալու համար այսուհետեւ կրնաք հետեւիլ Արսլանեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ պատրաստուած մանկամսուրի քառալեզու կայքէջին՝ arslaniannursery.com, ինչպէս նաեւ արդէն իսկ գործող՝ arslaniannursery դիմատետրի եւ ինսթակրամի էջերուն։

Այս առիթով,  շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արսլանեան հիմնարկութեան գործակցութեան եւ քառալեզու այս կայքէջին հովանաւորութեան համար։

Կը յիշեցնենք, որ Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրը նորեկներ կրնայ ընդունիլ տարուան ընթացքին որեւէ ժամանակ: Այժմ՝ Յունուար 2024-ին, մանկամսուր կը յաճախեն աւելի քան 100 փոքրիկներ։

Տնօրէնութիւն