ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, տնօրէնութեան, խնամակալութեան, անձնակազմին, ծնողներու, շրջանաւարտներու եւ բարեկամներու։

Ճաշկերոյթին ընթացքին, գեղարուեստական բաժինով հայրենի արուեստագէտներ Գարիկ Պապոյեանի եւ Սոնա Ռուբէնեանի երգերը ոգեւորեցին ներկաները` ստեղծելով ճեմարանի յատուկ հայաշունչ մթնոլորտ մը:

Ճեմարանի յարատեւ վերելքին սատար հանդիսանալու նպատակով կազմակերպուած ճաշկերոյթը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Վարձքը կատար նախաձեռնողներուն, կազմակերպողներուն ու գործնականացնողներուն եւ շնորհակալութիւն բարոյական թէ նիւթական գետնի վրայ կրթական այս հաստատութեան նեցուկ կանգնող` ճաշկերոյթին ներկայ եւ բացակայ ճեմարանի մեծ ընտանիքին: Այս առիթով կատարուեցան նաեւ նուիրատուութիւններ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:

Իսկ Կիրակի, 19 Մայիսին տեղի ունեցաւ Գարիկ Պապոյեանի եւ Սոնա Ռուբէնեանի երգահանդէսը, որ համախմբեց աւելի քան 375 երիտասարդներ եւ Ճեմարանի բարեկամներ:

Զոյգ այս ձեռնարկներու յաջողութիւններէն ետք, կառչած մնալով իր հիմնադիրներու մարդակերտման եւ հայակերտման առաքելութեան, Հայ Ճեմարանը կը դիմաւորէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը՝ յառաջիկայ տարեշրջանին: