ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2014-ին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ղեկավարներ Ռազմիկ Պերթիզլեան, Ռոպերթ Առաքելեան, Կարէն ու Ժաքլին Մակինեաններ եւ Արմէն Ճենտերեճեան այցելեցին Ճեմարան: Արուեստագէտները հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան, ապա Ա.էն Թ. դասարաններու աշակերտութեան հետ եւ խօսեցան «Թ. Ռոսլին» ակադեմիայի, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի, «Գայեանէ» պարարուեստի եւ «Արեգ» թատերական դպրոցներու կարեւորութեան, ուսումնական ծրագիրներուն, արձանագրութեան եւ այլ պայմաններու մասին: