ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարան այցելեցին Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու արուեստագէտ ուսուցիչներ եւ կրթական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեան: Անոնք հանդիպեցան նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն հետ, ներկայացուցին գեղարուեստի դպրոցներու զանազան բաժանմունքները եւ քաջալերեցին աշակերտները զարգացնելու իրենց ձիրքերը