ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2019-2020 տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտներուն ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ 7-րդ դասարանի շրջանաւարտներ դարձան Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն՝  Միքայելլա Պոյաճեան (ջութակ), Կարին Եղիայեան (դաշնակ) եւ Փաթիլ Զարմէնեան (դաշնակ):

Կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները, աւելի բարձր վկայականներու մաղթանքով։

Հանդէսի մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: