ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ 95 ՏԱՐԵԿԱՆ

 

Համազգայինի Հայ Ճեմարանը հիմնուած է  3 Մարտ 1930-ին, Պէյրութի մէջ եւ այսօր, 95 տարիներ ետք, 3 Մարտ 2025-ին, ան կը դառնայ 95 տարեկան:

 

95 տարիներէ ի վեր, Հայ Ճեմարանը կառչած կը մնայ իր նպատակին՝ նորահաս սերունդներուն տալով ընդհանուր կրթութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն: Իր հիմնադիրներուն՝ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի տեսլականին հաւատարիմ Ճեմարանը հայ հանրութեան կ՛ընծայէ ընդհանուր գիտութիւններու տէր եւ հայ լեզուի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու հայ դատի պահապան յանձնառու եւ գիտակից անհատներ:

 

Այսօր Ճեմարանը կը գործէ իր վեց բաժիններով՝ մանկամսուր, մանկապարտէզ, տարրական, նախակրթարան, միջնակարգ ու երկրորդական, եւ հակառակ ներկայ մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն, ան կը շարունակէ մարդակերտման եւ հայակերտման իր առաքելութիւնը, կը պահէ իր յատուկ ոգին ու եզակի մթնոլորտը,  միաժամանակ տէր կը կանգնի աւանդականին ու քայլ կը պահէ այժմէականին հետ:

 

Ճեմարանականները կը շարունակեն իրենց ներդրումը ունենալ ազգային հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ գիտական, գրական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ այլազան բնագաւառներէն ներս, աշխարհի չորս ծագերուն :

 

Այսօր, դպրոցէն ներս, աշակերտական տօնակատարութիւններով մեկնարկը կը կատարուի 95-ամեակի ձեռնարկներուն, իսկ յառաջիկայ ամիսներուն Ճեմարանի մէջ թէ այլուր պիտի կազմակերպուին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ՝ արժանավայել ձեւով նշելու համար Ճեմարանի 95-րդ տարեդարձը:

 

Այս առիթով կազմակերպուած է նաեւ Ճեմարանի 95-ամեակը ներկայացնող տարբերանշանի պատրաստութեան մրցոյթ մը: Ընտրուած տարբերանշանը պիտի գործածուի 95-ամեակի բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընթացքին, ըլլան անոնք հրապարակային ձեռնարկներ, հրատարակութիւններ կամ առցանց աշխատանքներ: Մրցոյթի մանրամասնութիւններուն համար կարելի է հետեւիլ Ճեմարանի ընկերային ցանցերու յայտարարութիւններուն:

 

Վարձքը կատա՛ր  հայ դպրոցին հաւատացողներուն եւ հայ դպրոցին դաստիարակութեան վստահած հայ ծնողներուն ու ընտանիքներուն:   

 

Վարձքը կատա՛ր Ճեմարանի առաքելութեան հաւատացող անխոնջ ու նուիրեալ կրթական մշակներուն:

 

Ջահդ տակաւին երկար տարիներ վա՛ռ պիտի մնայ:

 

Տարեդարձդ շնորհաւո՛ր, սիրելի՛ Ճեմարան:

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ