ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մեծ ընտանիքը տօնական օրերու նախօրեակին անգամ մը եւս կը զօրակցի Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն: Այս նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաքին, Ճեմարանականները իրենց մասնակցութիւնը բերին սրտաբուխ նուիրատուութիւններով՝ հաւաքելով 2800 ԱՄՆ տոլար:

Գործակցաբար Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակներուն, սոյն գումարը պիտի յատկացուի Հայաստանի զանազան շրջաններ տեղափոխուած դպրոցական տարիքի արցախցի փոքրիկներու, որոնց պիտի տրամադրուին գրենական պիտոյք եւ ձմեռնային տաքուկ հագուստներ:

Շնորհակալութիւն բոլորին՝ աշակերտներուն, ծնողներուն, բարեկամներուն եւ անձնակազմին:

Բոլորս կը մնանք Արցախին եւ արցախցիին կողքին:

Տնօրէնութիւն