Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչման աշխատանքներու ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 22 Ապրիլ 2021-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահուն հանդիպում մը ունեցան Գայիանէ Մածունեանին հետ, որ հեռարձակումով բաւական մանրամասն ներկայացուց Կոմիտասը: Մածունեան անդրադարձաւ վարդապետին կենսագրականի իւրաքանչիւր հատուածին, անոր ստեղծագործութեան ու կատարած մշակութային հսկայ գործին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց ցեղասպանութեան ձգած հետքը Կոմիտասի կեանքին վրայ: Հանդիպման ընթացքին, աշակերտները ունկնդրեցին Կոմիտասի երգերէն որոշ հատուածներ:
ԿՈՄԻՏԱՍԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
