ԿՈՂՈՎԱԳՆԴԱԿԻ ՆԵՐՔԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Փետրուար 2020-ին տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի կողովագնդակի ներքին մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան միջնակարգի Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները:

Չորեքշաբթի, 12 Փետրուարին, տեղի ունեցաւ աւարտական խաղը ԺԲ. գրական եւ ԺԲ. գիտական դասարաններու խումբերուն միջեւ: Յաղթական հանդիսացաւ ԺԲ. գրական դասարանի խումբը, որուն անդամներն են՝ Կարէն Խալոյեան, Սէրուժ Նորամանեան, Խաժակ Վարդանեան եւ Սարօ Սերուժեան: Յաղթական աշակերտները մետալներ ստացան:

Հինգշաբթի, 13 Փետրուարին, առաջին զբօսանքին, աշակերտութեան եւ անձնակազմին ներկայութեան, տեղի ունեցաւ յաղթական խումբին եւ մարզիչներու խումբին միջեւ խաղը, որ աւարտեցաւ ԺԲ. գրական դասարանի խումբին յաղթանակով՝ 16-15: