ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑԸ

Ժամանակին մարդիկ քարտէս չունէին :
Աւազներուն վրայի պատկերները առաջին քարտէսներն էին:
Ճանապարհորդները կողմնորոշուելու համար կը հետեւէին արեւին:
Քարտէսը դարձաւ աշխարհագրական գիտելիքներու աղբիւրը, իսկ կողմնացոյցը` հորիզոնին չորս կողմերը յայտնաբերելու գործիքը` հիւսիս, հարաւ , արեւելք եւ արեւմուտք:

Կողմնացոյցը կը պարունակէ ջուր եւ ասեղ (սլաք):
Ասեղը կը ծփայ ջուրին վրայ եւ անմիջապէս կը դառնայ դէպի հիւսիս, ուր կը գտնուի երկրի բնական մագնիսական ուժը:
Այսպէս, Դ. դասարանի աշակերտները աշխարհագրութեան դասապահուն փորձարկում մը կատարեցին՝ գնդասեղ, գաւաթ մը ջուր եւ մագնիս մը գործածելով: Անոնք յայտնաբերեցին բնական մագնիսական ուժը՝ մագնիսական հիւսիսը: