«Կոկիկեան Հիմնարկ»-ի արաբերէնի «Պայան» մրցանակի մրցանակաբաշխութիւնը

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, Հինգշաբթի, 7 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրական մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: 

Այս նախաձեռնութեան ընթացքին, «Կոկիկեան» հիմնարկի յանձնախումբին կողմէ մրցանակներ ստացան լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու 2017-2018 տարեշրջանի արաբերէնի մէջ գերազանցիկ աշակերտները: Կը շնորհաւորենք Ճեմարանի աշակերտներէն Կայէլ Գրիգորեանը, Նարօտ Մերտխանեանը եւ եւ Մհեր Փելթէքեանը, որոնք արժանացան յիշեալ մրցանակներուն: