«ԿՈԿԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԱԲԵՐԷՆԻ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրական մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը:

Այս նախաձեռնութեան ընթացքին, «Կոկիկեան» հիմնարկի յանձնախումբին կողմէ մրցանակներ ստացան լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու արաբերէնի մէջ գերազանցիկ աշակերտները: Կը շնորհաւորենք Ճեմարանի աշակերտներէն Հերա Տէտէյեանը (Ժ. դասարան), Էլի Ապտ Էլ Նուրը (ԺԱ. դասարան) եւ Սարգիս Պոյաճեանը (2015-2016 տարեշրջանի ԺԲ. դասարան), որոնք արժանացան յիշեալ մրցանակներուն: