Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան երեք տարբեր սերունդներու շրջանաւարտներու հետ՝ Թամար Պոսնոյեան Տէր Պետրոսեան (1979-ի շրջանաւարտ), Յակոբ Տէր Ղուկասեան (1989-ի շրջանաւարտ) եւ Զաւէն Տէր Պետրոսեան (2007-ի շրջանաւարտ):
Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ներկայացուց իր կարեւոր որոշումները կեանքին ընթացքին ու շեշտեց անհրաժեշտութիւնը որոշումներ կայացնելու (decision making), ինչպէս՝ մասնագիտութիւն ընտրելու, ասպարէզ ընտրելու, բնակավայր, ամուսնութիւն, եւայլն…: Անոնք խօսեցան ընդհանրապէս ի՞նչպէս որոշում տալու եւ որոշումի մը հետեւանքներուն մասին:
