Հինգշաբթի, 3 Ապրիլ 2025-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան տարբեր սերունդներու շրջանաւարտներու հետ՝ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան, Լեւոն եւ Հուրիկ Պաղտասարեան:
Ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան նախ ներկայացուց հիւրերուն կենսագրականները, ապա ընթացք առաւ զրոյցը՝ «կարեւոր որոշումներ մեր կեանքին մէջ» նիւթով:
Զրուցավարները խօսեցան Ճեմարանի իրենց փորձառութեան մասին, շեշտելով անհրաժեշտութիւնը որոշումներ կայացնելու, ինչպէս՝ մասնագիտութիւն ընտրելու, ասպարէզ ընտրելու, եւայլն…:
Շատ խորհրդաւոր եւ զգացական էր տարբեր սերունդներու պատկանող ճեմարանականներու այս հանդիպումը: