ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ՝ «ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ին «Կարեւոր որոշումներ կեանքի մէջ» բնաբանով զրոյց մը տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ, զրուցավարն էր ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան: Ճեմարանի շրջանաւարտներ՝ Սիլվա Փափազեան եւ Բենիամին Պչաքճեան, աշակերտներուն հետ զրուցեցին կեանքի նոր հանգրուանի սեմին կարեւոր որոշումներու մասին:

Զրոյցի առաջին հանգրուանին, Սիլվա Փափազեան խօսեցաւ հոգեբանական դիտանկիւնէ որոշումներ կայացնելու հանգրուաններու մասին, ապա Բենիամին Պչաքճեան անդրադարձաւ յաջող մարդ ըլլալու եւ հայը իբրեւ համամարդկային արժէք ներկայացնելու կարեւորութեան՝ շեշտելով ընկերութեան մէջ հայ երիտասարդին ներդրում ունենալը, ազգային կեանքի կազմակերպման մասնակից դառնալը եւ հայ ընտանիք կազմելը:

Աշակերտները հարցումներ ուղղեցին եւ խօսեցան իրենց ապագայի ծրագիրներուն վերաբերող սկզբունքային հարցերու մասին: