Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէնի այցը Ճեմարան

Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2013-ին այցելեց Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան։ Ան հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանի տնօրէնութեան հետ։ Հանդիպման նպատակն էր ծանօթանալ միմեանց գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Հանդիպման աւարտին Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան շրջեցաւ Ճեմարանի զանազան բաժանմունքները եւ ականատես եղաւ Ճեմարանի առօրեային։