Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2018-ին, մենք` աւարտական դասարանի աշակերտներս, կազմակերպած էինք «Բոլորս ընդդէմ հիւանդութեան» կարգախօսով կարկանդակի վաճառք, որուն նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ մեր շատ սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խմբապետուհի քոյր Լիւսիին:
Վաճառքը շատ յաջող ընթացաւ, բոլոր աշակերտները, ուսուցիչները եւ տնօրէնութիւնը խանդավառօրէն քաջալերեցին մեզ, եւ յաջողեցանք այս առթիւ նուիրաբերել 1100 ԱՄՆ տոլարի գումար մը:
Քոյր Լուլու՛, քեզի կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում:
Աւարտական դասարանի աշակերտներ