ԿԱՊՈՅՏ ԵՒ ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՏՕՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Մարտ 2021-ին, Մանկապարտէզի Կապոյտ եւ Կանաչ դասարաններու փոքրիկները նշեցին ուսուցչաց տօնը: Անոնք առցանց հանդիպում մը ունեցան Ճեմարանի ընկերային ծառայող Տիկին Սիլվային հետ, որ իրենց պատմեց պատմութիւն մը, թէ ի՛նչպէս փոքրիկներ տարբեր ձեւերով կ’ուրախացնեն իրենց ուսուցիչները: Երեխաները իրենց սրտի խօսքերով, պաչիկներով եւ մաղթանքներով արտայայտեցին ուսուցիչներուն հանդէպ ունեցած իրենց սէրը: