ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՏՕՆԵՑԻՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի փոքրիկները տօնեցին կաղանդը: Պահելով ընկերային հեռաւորութիւնը, անոնք իրենց դասարաններէն ներս կերան «Ginger bread», երգեցին, պարեցին եւ դիմաւորեցին Կաղանդ պապան, որ փոխանցեց իրենց նուէրները: