Շաբաթ, 11 Մայիս 2019-ին, Ժպէյլի «Սայիտէթ Ալ Մաունէթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանքին հովանաւորն էր կրթութեան նախարար Աքրամ Շըհայյէպը, իսկ կազմակերպիչը՝ «Լիբանանի բարգաւաճման կազմակերպութիւնը»
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Կայէլ Գրիգորեան (քանոն) եւ ԺԲ. Դասարանի աշակերտ Կարօ Գրիգորեան (դաշնամուր) արժանացան մրցանակի: Կը շնորհաւորենք Կայէլն ու Կարօն եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրենց: