ԿԱՄՔ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 15 Մայիս 2025-ին, Ճեմարանի ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց  «Յաղթահարել մեր անհատականութեան տկար կէտերը աշխատանքով, ճիգով եւ կամքով» նիւթը։