«ԿԱՂԱՆԴԸ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները ամէն տարուան սովորութեան համաձայն ամբողջ Դեկտեմբեր ամիսը հաճելի ներկայացումներ մատուցեցին անգլերէն լեզուի դասապահերուն ընթացքին:

Աշակերտները բաժնուեցան խումբերու եւ շինիչ ներկայացումներով հետաքրքրական մթնոլորտ ստեղծեցին դասարանէն ներս «Կաղանդը եւ Ս. Ծնունդը տարբեր երկիրներու մէջ» խորագիրով: Անոնք օգտաշատ տեղեկութիւններ փոխանցեցին զանազան երկիրներու կաղանդի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին: Իւրաքանչիւր խումբ իւրայատուկ եւ հետաքրքրական պատրաստութեամբ ներկայացաւ դասարան. երբեմն իրենց ընտրած երկրին տարազով, սովորութեամբ, ուտեստեղէնով, մրցումներով եւ նուէրներով աշակերտները քաջալերեցին իրենց դասընկերները, որ ուշադիր հետեւին եւ յատուկ նօթատետրի մէջ արձանագրեն տեղեկութիւնները: Խումբերը օգտագործեցին համացանցը եւ լսատեսողական միջոցներ:

Ամիս մը ամբողջ հաճելին եւ օգտակարը միացնելով, աշակերտները նոր գիտելիքներ ամբարեցին անգլերէն լեզուով :