ԿԱՂԱՆԴԸ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները ամէն տարուան սովորութեան համաձայն, ամբողջ Դեկտեմբեր ամիսը հաճելի ներկայացումներ մատուցեցին անգլերէն լեզուի դասապահերուն:

Աշակերտները շինիչ ներկայացումներով հետաքրքրական մթնոլորտ ստեղծեցին դասարանէն ներս «Կաղանդը եւ Ս. Ծնունդը տարբեր երկիրներու մէջ» խորագիրով: Անոնք օգտաշատ տեղեկութիւններ փոխանցեցին զանազան երկիրներու կաղանդի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին: Աշակերտները իւրայատուկ եւ հետաքրքրական պատրաստութեամբ ներկայացան դասարան. երբեմն իրենց ընտրած երկրին ուտեստեղէնով, մրցումներով եւ նուէրներով անոնք քաջալերեցին իրենց դասընկերները, որ ուշադիր հետեւին եւ յատուկ նօթատետրի մէջ արձանագրեն տեղեկութիւնները: Անոնք օգտագործեցին համացանցը եւ լսատեսողական միջոցներ:

Ամիս մը ամբողջ հաճելին եւ օգտակարը միացնելով, աշակերտները նոր գիտելիքներ ամբարեցին անգլերէն լեզուով: