ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ

Արաբերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, ծառերուն կարեւորութեան եւ պտուղներուն օգտակարութեան մասին բաւական գիտելիք ու բառամթերք ամբարելէ ետք, Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները երկու կեռասենիներ տնկեցին Ճեմարանի պարտէզին մէջ:

Աշակերտները արտադասարանային այս աշխատանքին ընթացքին  բացատրութիւններ լսեցին եւ արտայայտուեցան արաբերէն լեզուով: